2013-11-16 10:50:49

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հեռուստատեսելային պատգամը` Հաւատոյ Տարուայ առթիւ Կուատալուբի Տիրամօր սրբավայրին ուխտագնացութեան մասնակցողներուն։


16- 19 նոյեմբեր` Լատին Ամերիկայի Քահանայապետական խորհուրդը, Քոլոմպոյի ասպետներու եւ Կուատալուբի բարձրագոյն ուսման հաստատութեան հետ միասին, կազմակերպած են ''Կուատալուբի Տիրամայր, ամերիկեան ցամաքամասի վերաւերտարանութեան Աստղ'' նիւթով` դէպի Մեքսիքոյի Կուատելուբէ Տիրամօր սրբավայր ուխտագնացութիւն ու հանդիպում։

16 նոյեմբերի յետմիջօրէի ժամը 5-ին, նախատեսուած Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ''Վիտէօ-պատգամը''։

300 հարիւր մասնակիցներ` կարտինալներ, եպիսկոպոսներ, քահանաներ, կրօնաւորներ եւ եկեղեցական շարժումներու պատասխանատու աշխարհականներ կը համախմբուին քննարկելու համար նոր աւետարանութեան մարտհրաւէրները եւ իրարու փոխանցելու անձնական փորձառութիւններ։
Հաւաքի բացումը կը կատարէ` Կարտինալ Մարք Ուելլէն, Լատին Ամերիկայի Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը, որ խօսքը կը կեդրոնացնէ ''Ամերիկեան ցամաքամասի համար ներկայ քահանայապետութեան իմաստը'' նիւթին մասին։
Երեք օր տեւող ուխտագնացութեան ընթացքին նախատեսուած են, ի մէջ այլոց, 12 աշխատանքային նիստեր եւ Մարեմեան աղօթքի հսկում որուն իրենց մասնակցութիւն կը բերեն 3 հազար ուխտաւորներ։

Ուխտագնացութեան մասնակցողներուն ուղղած իր պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց զանոնք ապրելու քրիստոնէական հաւատքը Քրիստոսի հետ։ Ասիկա կ' ենթադրէ ինքնիրմէ դուրս ելլել, քալել` ցանելով ու ճանչցնելով Յիսուսի Աւետարանը։ Եկեղեցւոյ համար կենսական է ուրիշին բացուիլ ու բնաւ չգոհանալ կատարուած առաքելութեան յաջողութեամբ։
Յիսուս բոլորին համար եկաւ եւ այդ պատճառաւ կանչուած ենք դուրս գալ մեր հասարակութենէն եւ ուրիշին ցոյց տալ Աստուծոյ մօտիկութիւնը, Աստուծոյ ողորմութիւնը ու անսպառ գթութիւնը։ Եպիսկոպոսը որպէս իր թեմին առաջնորդը, հովիւի նման պէտք է մօտէն ճանչնայ իր ոչխարները` անունով մականունով, գորովով ու համբերութեամբ առաջնորդէ զանոնք, որպէսզի մարդիկը ճանչնան Եկեղեցւոյ մայրութիւնը ու Աստուծոյ գթութիւնը։ Հետեւաբար ճշմարիտ եպիսկոպոսը չի կրնար ըլլալ իշխան մը, մատակարար մը կամ պաշտօնեայ մը, այլ հովիւ մը` որ կարող է իր հաւատացեալները առաջնորդել դէպի Քրիստոս։ Աստուծոյ ժողովուրդը կարիքը ունի եպիսկոպոսին հովանաւորութեան որպէսզի միութեան ու յոյսի մէջ ապրի։
Սրբազան Հայրը խօսքը ուղղելով նուիրեալ աձերուն` կրօնաւորներուն, ըսաւ. ''դուք կանչուած էք ըլլալու Եկեղեցւոյ թթխմորը, ըստ Աստուծոյ կամքին, խմոր մը որ կ'աճեցնէ ու կը պայծառացնէ Եկեղեցին։ Ձեզ կը հրաւիրեմ հաւատարիմ ըլլալու ձեր հիմնադիր հայրերուն կոչումին ու խարիզմին։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, մեծապէս երախատապարտ եմ ձեր կատարած առաքելութեան, Լատին Ամերիկայի ցամաքամասին մէջ։ Յիշեցէք որ դուք ընդունեցաք մկրտութեան խորհուրդը եւ անով դարձաք Քրիստոսի աշակերտներ։ Ամէն աշակերտ իր կարգին միսիոնար մըն է։ Ձեզմէ կը խնդրեմ, որպէս հայր ու եղբայր Յիսուս Քրիստոսի մէջ, որ համապատասխանէք շնորհքին որ ընդունեցաք Մկրտութեամբ։
Տիմոթէոսի մօր ու մեծ մօր նման հաղորդեցէք հաւատքը ձեր զաւակներուն ու թոռնիկներուն։ Հաւատքի այս գանձը ձեզի չտրուեցաւ ձեզի համար պահելու ու պահպանելու համար այլ ուրիշներուն հաղորդելու` բաշխելու եւ ամէնուն ճանչցնելու Յիսուս Քրիստոսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.